Բանաձևում է Հակոբ Պարոնյանը

***

Ի բա՛ց գնա, ո՛վ ճշմարտութիւն․․․ Ի՜նչ գործ ունիս մեր մէջ․․․

***

Ոսկեղէն դարու մէջ կաթին մէջ քիչ մը ջուր կխառնէին․ տասնեւիններորդ դարու մէջ ջուրին մէջ քիչ մը կաթ կը խառնին:

***

Անանկ ժամանակներու մը մէջ կապրինք, որ քաղաքավարութիւնն ու շողոքորթութիւնը նոյնանիշ բառեր եղած են:

***

Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալուն գաղտնիքը բնական օրէնքներով միայն կլուծուի․ ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան, ու թեթեւները վեր կ’ելլեն:

***

Գիտուն ըլլալուն ամենեն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամփան իւր տգիտութիւնը ճանչնալն է:

***

Պարտութիւնը խոստովանելը յայտնապէս քաջերու գործ է:

***

Հայհոյանքը փաստի սով է:

***

Ի՞նչ է պատմութիւնն․ ետիդ նայիլ` առջեւդ տեսնիլ:

***

Յառաջադմիութիւն կը պոռանք ու ետ-ետ կ’երթանք, ապագայ կը սենք եւ դէպի անցեալը կը վազենք:

Հավանեցի՞ր. տարածիր